2015-07-09 10:51:00

Ֆրանիչկոս Պապ ժամանեց Պոլիվիա` բարի գալուստի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 8 յուլիս 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Էքուատորէն փոխադրուեցաւ Լատին Ամերիկեան առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող երկիր` Պոլիվիա ուր ժամանեց տեղական ժամով 16,15-ին (Հռոմի ժամով 22,15)։

Էլ Ալթօ օդակայան ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորուեցաւ Պոլիվիայի Նախագահէն` Տիար  Էվօ Մորալեսէն ի ներկայութեան պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններուն ու ապա նախագահն ու Պապը հետիոտն ուղղուեցան մօտակայ ''Բարի գալուստի'' պաշտօնական արարողութեան վայրը, ուր Նախագահ Մորալեսի բարի գալուստի խօսքէն ետք` խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ներկաները ողջունեց հետեւեալ խօսքերով՝

«Իմ այս հովուական այցելութեանս սկիզբը, կ՛ողջունեմ Պոլիվիայի բոլոր այր մարդիկը եւ կիները, մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ Այս երկիրը սրտիս շատ մօտիկ է, եւ մանաւանդ երկրիս այն զաւակները, որոնք զանազան պատճառներով ստիպուած են գաղթականութեան ցուպը իրենց ձեռքը առնել։»

Սրբազան Պապը հիացմունքով խօսեցաւ երկրի բնական գեղեցկութիւններու եւ հարստութիւններու մասին, աւելցնելով՝ «այս երկիրը օրհնեալ երկիր մըն է յատկապէս իր ժողովուրդով, իր մշակութային եւ ցեղային իրականութեան բազմազանութեամբ, որ մեծ հարստութիւն մըն է, եւ միաժամանակ կոչ՝ փոխադարձ յարգանքի եւ երկխօսութեան։

Իբր հիւր եւ ուխտաւոր, կու գամ հաստատելու Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի հետեւողներու հաւատքը, որովհետեւ երբ մեր երկրային ուխտաւորութեան ժամանակ Անոր կը հաւատանք՝ Անոր սիրոյ վկաները եւ լաւագոյն աշխարհի մը թթխմորը կ՛լլանք, եւ մեր համագործակցութիւնը կը բերենք արդար եւ զօրակցային ընկերութեան մը կերտումին։

Պոլիվիա մեծ քայլերով կը յառաջանայ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական մարզերէն ներս, ուր Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ անհատի, փոքրամասնութիւններու եւ կենսոլորտի իրաւունքները։ Սակայն պէտք է զգուշանալ, որ տարբերութիւններ չվերստեղծուին։

Այս օրերուն պիտի փափաքիմ Քրիստոսի աշակերտներուն՝ Աւետարանի ուրախութիւնը քարոզելու կոչումը քաջալերել՝ ըլլալ «աղ երկրի եւ լոյս աշխարհի»։ Հովիւներու ձայնը, որ պէտք է մարգարէական ըլլայ, ընկերութեան կը խօսի Մայր Եկեղեցւոյ ձայնով, սկսեալ «յետիններու» մատուցուած քարոզութենէն։ Եղբայրական սէրը, Յիսուսի նոր պատուիրանին կենդանի ցոլացումը՝ կ՛արտայայտուի ծրագիրներու, գործունէութիւններու եւ հաստատութիւններու միջոցաւ, որոնք անհատի համապարփակ յառաջդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ ամենէն խոցելիներու հոգատարութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կը փնտռեն։ Չէ կարելի հաւատալ Հօր Աստուծոյ՝ առանց տեսնելու եղբայր մը իւրաքանչիւր անհատի մէջ, եւ կարելի չէ հետեւիլ Յիսուսի՝ առանց կեանքը տալու անոնց համար, որոնց համար Ան մեռաւ։

Դարաշրջանի մը մէջ, ուր շատ անգամ կը միտինք մոռնալ եւ շփոթել հիմնական արժէքները՝ ընտանիքը արժանի է յատուկ ուշադրութեան՝ մատուցուած հասարակաց բարիքի պատասխանատուներուն կողմէ. որովհետեւ ընտանիքը՝ ընկերութեան հիմնական բջիջը, որ կ՛ընձեռէ միութեան հաստատուն կապեր, որոնց վրայ կը հիմնուի մարդկային համակեցութիւնը՝ իր զաւակներու սերնդագործութեամբ եւ դաստիարակութեամբ՝ կ՛ապահովէ ընկերութեան նորոգումը։

Եկեղեցին նաեւ կը տածէ յատուկ մտահոգութիւն մը երիտասարդներու հանդէպ, որոնք հաւատքի եւ մեծ գաղափարականներու յանձնառութեամբ, ապագայի յոյսն են։ Երեխաներուն հոգ տանիլ, որպէսզի երիտասարդութիւնը յանձնառու ըլլայ ազնուական գաղափարականներու՝ ընկերութեան մը ապագայի գրաւականն է։ Ընկերութիւն մը, որ նաեւ կը գտնէ իւրայատուկ ապահովութիւն՝ երբ կ՛արժեւորէ եւ կը գնահատէ իր ծերերը եւ անոնց հոգ կը տանի։

Պարոն նախագահ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շնորհակալ եմ, որ այստեղ կը գտնուիք։ Այս օրերը մեզի թոյլ պիտի տան հանդիպման, երկխօսութեան եւ հաւատքի տօնախմբութեան զանազան պահեր ապրելու։ Ուրախ եմ որ կը գտնուիմ ձեր հայրենիքին մէջ, որ խաղաղասէր է եւ նեցուկ կը կանգնի խաղաղութեան մշակոյթի եւ խաղաղութեան իրաւունքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.